Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած ընդունելութիւններուն մասնակցեցան գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներ

Արցախեան Թեմայով Յատուկ Ընդունելութիւններ Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի Մէջ՝ Ի Պատիւ Ընտրեալ Պաշտօնատարներու

Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, Հինգշաբթի 9 Յունուար եւ Ուրբաթ 10 Յունուար, 2020-ին Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան յատուկ ճաշկերոյթ-ընդունելութիւններ, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ի գնահատանք գանատացի ընտրեալ պաշտօնատարներուն:

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով ընտրեալ պաշտօնատարներ, պետական պաշտօնեաներ եւ դիւանագիտական ու համայնքային ներկայացուցիչներ: Դիւանագիտական հիւրերու շարքին էին Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ ՆԳ Անահիտ Յարութունեան, Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս՝ Պրն. Վարուժան Լափոյեան, Իսրայէլի հիւպատոս՝ Տիկ. Կալիդ Պարամ, Յունաստանի հիւպատոս՝ Պրն. Վիքդոր Մալիկուտիս եւ Լիբանանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ Պրն. Գրիգոր Պոսթաճեան: Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանը կը ներկայացնէին երեսփոխաններ Պոպ Սարոյա, Հան Տոնկ, Փիթըր Քէնդ, Ճին Եիփ, Մայքըլ Լեւիդ եւ Ալի Էհսասի։ Նահանգային խորհդարանէն ներկայ էին երեսփոխաններ՝ Արիս Պապիկեան, Մայքըլ Դիպոլօ, Վինսէնդ Քէ, Րոման Պապըր, Պիլի Բանկ, Մայքըլ Քուդօ եւ Քինկա Սուրմա: Ընդունելութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետ՝ Ճան Թորի, որուն կ՚ընկերակցէին փոխ-քաղաքապետ՝ Տէնզիլ Մինան-Ուանկ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Ճիմ Քարիճիանիս, Շէլի Քարոլ եւ Պրատ Պրատֆորտ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հանրային ուսումնական մարմնի հոգաբարձուներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արփի Աքելեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց ներկաները, որ մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն արկածի ենթարկուած Ուքրանական ինքնաթիռի զոհերուն յիշատակը: Ապա իր խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Սեւակ Քիւփէլեան, որ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անվերպահ զօրակցութեան եւ բարեկամութեան համար եւ ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները: Ապա ելոյթ ունեցաւ ՀՀ դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութունեան, որ յատուկ անդրադարձաւ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու դրական ընթացքին, միջպետական համագործակցութիւնը զարգացնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան եւ այդ ծիրէն ներս Հայ Դատի յանձնախումբերու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատգամը փոխանցեց Շահէն Միրաքեան, որ մանրմասնօրէն զեկուցեց անցող տարեշրջանի գործունէութիւնը ու Հայ Դատի յանձնախումբի յառաջիկայ առաջնահերթութիւններն ու այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ զօրակցութիւն ապահովելու հրամայականը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին դիւանագիտական ու կառավարական տարբեր մակարդակներ ներկայացնող պաշտօնատարները, յայտնելով իրենց շնորհաւորանքներն ու զօրակցութիւնը հայ համայնքին ու հայ դատի աշխատանքներուն:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլորին, հիւրերուն փոխանցեց Արցախի արտադրութեան գինի՝ որպէս գնահատանքի նուէր: Հարկ է նշել, որ ձեռնարկի հիմնական պատգամը կը կեդրոնանար Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան ու բարօր զարգացման վրայ:

Գէմպրիճի մէջ կայացած ընդունելութիւնը եւս վայելեց մեծ թիւով պաշտօնատարերու ներկայութիւնը, որոնց շարքին էին Գանատայի Բազմամշակութային Հարցերու եւ Երիտասարդութեան նախարար՝ Պարտիշ Չակէր, Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ՝ Պրայըն Մէյ եւ դաշնակցային երեսփոխաններ՝ Րաճ Սաինի, Մարուան Դապպարա եւ Թիմ Լուիս: Նահանգային խորհրդարանը կը ներկայացնէր երեսփոխանուհի՝ Պէլինտա Քարահալիոս: Ներկայ էին նաեւ Գէմպրիճի քաղաքապետուհի՝ Քաթրին Մքկարի, Քիչընըրի քաղաքապետ՝ Պէրի Վրպանովիչ, Նորդ Տամֆրիզի քաղաքապետուհի՝ Սուզան Ֆաքսթըն-Սահակեան, Ուաթերլուի Շրջանային կառավարութեան ատենապետուհի՝ Քարէն Րէտման, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ շրջանային խորհուրդներու անդամներ:

Հայ Դատի տեղական եւ շրջանային մարմիններու կողմէ յաջորդաբար խօսք առին տեղական յանձնախումբի ատենապետ Լեւոն Սարմազեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, յակիրճ տողերու մէջ ներկայացուցին անցող տարուան ձեռքբերումներն ու Հայ Դատի յանձնախումբերու յառաջիկայ ծրագիրները:

Ապա խօսք առին պաշտօնատար հիւրերը, դրուատելով հայ համայնքի կարեւոր ներկայութիւնը Գանատայի մէջ եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն: