Մեր Աշակերտներու Ոգեշունչ Խօսքերը Հայ Զինուորի Մասին

Բերդաքաղաք Շուշիի ազատագրման 28 ամեակին եւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած «Արցախի Զօրակցութեան Շաբաթ»-ի առթիւ, Մոնթրէալի Ս.Յակոբ Վարժարանի Գ. եւ Թ. կարգի մեր աշակերտները իրենց տպաւորիչ զգացումները կը բաժնեն մեզ հետ` գրառումներու եւ տեսաերիզներու միջոցաւ։

Թող հայ աշակերտին պայծառ միտք ու սուր գրիչը միշտ ոգեւորեն մեր առիւծասիրտ զինուորները։Ապրին մեր աշակերտները։


 

«Ես շատ հպարտ եմ մեր հայ զինուորներով, որովհետեւ անոնք առանց վախի կռուեցան: Շատ ուրախ եմ իրենցմով, որովհետեւ անոնք շատ խելացի ու քաջ զինուորներ են: Ես շատ յարգանք ունիմ մեր հայ զինուորներուն հանդէպ, որոնք ազատագրեցին Շուշի քաղաքը։ Յուսամ միշտ այս ձեւով կը շարունակեն:

– Տիանա Ալաուիէ

 

«Ես հպարտ եմ այն քաջ եւ անվախ զինուորներով, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Շուշի քաղաքը ազատելու մեր դարաւոր թշնամիէն՝ թուրքէն։ Ես ուրախ եմ որ մեր հայ զինուորները ետ առին մեզի պատկանող այս կարեւոր հողերը։ Ես շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել այն բոլոր հայ զինուորներուն, որոնք մինչեւ այսօր կը պաշտպանեն մեր երկիրը։ Ես շատ ուրախ եմ որ հայ եմ եւ հայ ընտանիքի մէջ ծնած ու մեծցած եմ։»

– Քարինա Դանիէլեան

 

«Ես կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայ զինուրներուն, որորովհետեւ անոնք Շուշին ազատագրեցին։ Ես կը կարծեմ որ հայ զինուորները շատ քաջ են։ Շատ հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ ուրախ եմ, որ Արցախը ազատ է։ Ես միշտ պիտի յիշեմ այս տօնը։»

– Լէա Սալամէ

 

«Ես շատ հպարտ կը զգամ մեր քաջ հայ զինուորներով, որովհետեւ անոնք կռուեցան եւ զոհեցին իրենց կեանքը Արցախը պաշտպանելու համար: Մենք չենք մոռնար մեր հայոց պատմութիւնը , մեր քաջ զինուորները եւ մեր հայրենիքը: Մենք կը խոստանանք մեր հայերէն լեզուն պահպանել : Մենք հայ ենք եւ միշտ հայ կը մնանք:»

– Մէրի Մէլիքեան