ՕԹԹԱՈՒԱ.- Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2021-ին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ ԴատիՇրջանային Յանձնախումբի 2021-23 երկամեակի առաջին լիագումար նիստը, մասնակցութեամբյանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին:
Միօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը մանրամասնօրէն քննեց նախորդ տարեշրջանիգործունէութիւնը ու համապատասխան ՀՅԴ Գանատայի 49-րդ Շրջանային ժողովի որոշումներուն՝ մշակեց յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքային ուղեցոյցն ու ճշդեց իր առաջնահերթութիւնները։
Ժողովը հանքամանօրէն վերլուծեց համայն հայութիւնը կլանած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու անոր հետեւնաքներու ուղղութեամբ տարուած ծանր ու լայնածաւալ աշխտանքները։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ յանձնախումբի քաղաքական յարաբերութիւններու հոլովոյթին ու որակական զարգացման, քարոզչական ջանքերու առաւել արդիւնաւետութեան ու նպատակասլացութեան, ինչպէս նաեւ հանրային յարաբերութեանց ու նամանաւանդ երիտասարդութեան համընդհանուր քաղաքականացման ուղղութեամբ։
Հակառակ Արցախեան աղետալի պատերազմին ու անոր յաջորդող ՀՀ իշխանութեանց որդեգրած անընդունելի քաղաքականութեան, յանձնախումբը վճռակամութեամբ վերահաստատեց Հայ Դատի աշխատանքներուն առաւել զարկ տալու հրամայականը, բարձր գնահատելով նախորդ երկամեակի ընթացքին արձանագրուած քաղաքական ու քարոզչական բազմաթիւ ձեռքբերումները։ Ժողովը միեւնոյն ատէն շեշտակի կերպով ընդգծեց կարգ մը ոլորտներու մէջ աւելի յետամուտ ու մեծ ծաւալ նկատի ունեցող աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը։
Ժողովը նաեւ մանրամսնօրէն անդրադարձաւ Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուզարգացման, Ջաւախքի օժանդակութեան, Ցեղասպանութեան ուսուցման, յիշատակման, ՀայԴատի քարոզչական ցանցն ընդլայնելու եւ այլ ծրագիրներու շուրջ իրականացուելիք յառաջիկայաշխատանքներուն:
Ժողովի աւարտին յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ իրվճռակամ կեցուածքը եւ զանոնք յաջողութեան առաջնորդելու անկոտրումպատրաստակամութիւնը:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբ