ՕԹԹԱՈՒԱ.- Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Օնթարիo նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի 2019-21 երկամեակի առաջին լիագումար նիստը, մասնակցութեամբ յանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին:
Միօրեայ ժողովը մանրամասնօրէն քննեց յանձնախումբի նախորդ միամեայ գործունէութիւնը եւ մշակեց ներկայ տարեշրջանի օրակարգն ու ծրագիրները՝ համաձայն ՀՅԴ Գանատայի 48-րդ Շրջանային Ժողովի որոշումներուն: Հայ Դատի քաղաքական եւ քարոզչական բազմաթիւ առաջնահերթութեանց վերաբերեալ, ժողովը վարեց որակական քննարկումներ, նշելով ցարդ իրականացուած ձեռքբերումները, առկայ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները եւ անոնցմէ իրաքանչիւրը յաղթահարելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքը:
Ժողովը քննարկեց եւ արժեւորեց վերջերս տեղի ունեցած Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, ուր յանձնախումբի զորակցած թեկնածուներուն 84 տոկոսը յաղթանակ ապահովեցին: Ժողովը նաեւ մանրամսնօրէն անդրադարձաւ Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման, Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, Ջաւախքի օժանդակութեան, Ցեղասպանութեան ուսուցման, յիշատակման, Հայ Դատի քարոզչական ցանցն ընդլայնելու եւ այլ ծրագիրներու շուրջ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Գանատա-Հայաստան փոխ-յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ժողովը յատուկ անդրրադարձ կատարեց անցող երկամեակի ընթացքին տեղի ունեցած զգալի ու որակական յառաջխաղացքին ու անոր հիման վրայ բանաձեւեց յառաջիկայ շրջանի իր նպատակասլաց ծրագիրը: Քաղաքական ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, յատկապէս շեշտուեցաւ Գանատայի ու Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու խթանման անհրաժեշտութիւնը, զբոսաշրջային ոլորտի զարգացումը, ընկերային եւ մշակութային յարաբերութիւններու յառաջացումն ու այս բոլորի ուղղութեամբ յանձնախումբի տանելիք աշխատանքը: Երեւանի մէջ Գանատական դեսպանատան մը հաստաման ուղղութեամբ տարուող ջանքերու կապակցութեամբ, յանձնախումբը որդեգրեց քաղաքական նոր ռազմավարութիւն, որ յաւելեալ թափ պիտի հաղորդէ այս կարեւոր աշխատանքին:
Արցախեան հիմնահարցը դասելով որպէս կարեւորագոյն աշխատանքային դաշտ, ժողովը յատուկ քննարկման եւ ծրագրման ենթարկեց այս ուղղութեամբ տարուելիք աշխտանքները, որուն մաս կը կազմէ Գանատայի խորհրդարանէն ներս վերջերս հաստատուած Արցախի բարեկամական խումբի ընդլայնումն ու գործունէութիւնը, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գանատայի ԵԱՀԿ պատուիրակութեան հետ տարուող ընթացիկ խորհդակցութիւնները, ներքին եւ արտաքին քարոզչութեան զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը եւ քաղաքական այլ ծրագիրները:
Ցեղասպանութեան յիշատակման, դատապարտման, ուսուցման եւ կանխարգիլման ուղղութեամբ, ժողովը գնահատեց յանձնախումբի աշխատանքները եւ որոշեց յաւելեալ զարկ տալ այս ուղղութեամբ օտար համայնքներու Գանատայի կավավարութեան հետ համագործակցութեան յաջող ջանքներուն եւ աւելի աշխոյժ կերպով հետապնդել պահանջատիրութեան համահայկական թղթածրարը: Նաեւ, ծրագրաւորման նախնական քննարկումներ տեղի ունեցան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ եւ Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութեան 100-րդ ամեակներուն ոգեկոչման կապակցութեամբ:
Քարոզչական գետնի վրայ, յանձնախումբը արժեւորեց քարոզչական իր գործունէութիւնը եւ քննարկեց իր կարելիութիւնները ընդլայնելու նոր հնարաւորութիւններ: Տեղեկատուական եւ քարոզչական յարափոփոխ ընթացքին հետ քայլ պահելու եւ Հայ Դատի քարոզչութիւնը հայ եւ օտար համայնքներու աւելի լայն շերտերուն հասանելի դարձնելու մտադրութեամբ, ժողովը ներկայացուց հանրային հաղորդակցութեան զարգացման նոր ծրագիրներ եւ առաջադրանքներ: Յանձնախումբը նաեւ որոշում կայացուց հետեւողական կերպով շարունակել Հայ Դատի նոր կադրերու պատրաստութեան աշխատանքը եւ անոր ընկերային ցանցերու ընդլայնման ծրագիրները:
Ժողովի աւարտին յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ իր վճռակամ մոտեցումը եւ զանոնք յաջողութեան առաջնորդելու անկոտրում պատրաստակամութիւնը:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբ
Նոյեմբեր 17, 2019